Լեզուին մէջ կատարելապէս սուզուելու հեռանկարով՝ կը ստեղծենք մթնոլորտ մը, ուր արեւմտահայերէնը, խօսակցական կամ գրաւոր, ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։ Աշխատանոցներէն ներս լեզուն ներկայ է իր բոլոր երանգներով։
Աշխատանոցներուն մէկ մասը նախատեսուած է տարիքի համաձայն կազմուած խումբերու համար։ Կան նաեւ բազմատարիքային աշխատանոցներ։