Previous slide
Next slide

Ի՞նչ է Զարմանազանը

«Զարմանազան»ի մանկավարժական սկզբունքն է հայերէնի մէջ ներսուզումի բնական մթնոլորտ մը ստեղծել, որ հիմնուած է ստեղծագործելու եւ մասնակցելու խթանող մօտեցումի մը վրայ։ Հարկ է յիշել թէ, մասնակցելու համար լեզուական նախագոյ մակարդակ մը չի պահանջուիր։

Մասնակիցները քաջալերուած են նախաձեռնող եւ ինքնավար ըլլալու, միասին ապրելու եւ ստեղծելու ու իրենց կարողութիւնները զարգացնելու։

Զարմանազանի մանկավարժական խմբակին մասնագիտութիւնն է լեզուներու իւրացումը խաղով ու ստեղծարար եղանակներով։ Ուղեկիցները իրենց հմտութիւնները կը կիրարկեն գեղարուեստական, մշակութային, մարզական կամ մանկավարժական մարզերէն ներս։

Զարմանազանը չսկսած իսկ՝ բոլոր դերակատարները համախմբող առցանց հանդիպումներ կը կազմակերպուին, որոնց ընթացքին մասնակիցները խումբ խումբ խաղերու կը մասնակցին, իրարու կը ծանօթանան, անձամբ հանդիպելէ առաջ։

Պատկերներ Զարմանազան 2023-էն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց Զարմանազան մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Ֆրանսայի Mille et un mondes ընկերակցութեան եւ Փարիզի Inalco (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկ)-ին համագործակցութեամբ։ 2024-ին Զարմանազանը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ համագործակցութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնին։

Ֆրանսայի Զարմանազանը վաւերացուած է Կրթութեան եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան կողմէ։ Միացեալ Նահանգներու Զարմանազանը վաւերացուած է Քալիֆորնիայի Քըրն Գաւառի Բնութեան Առողջապահութեան Բաժանմունքին կողմէ։

Ի՞նչ կ՚ըսեն մեր մասին