2026ի դիմումները բաց ե՜ն։

00
օր
00
ժամ
00
վայրկեան
00
երկվայրկեան

Բարի եկած էք
Զարմանազան 2026

10-րդ «Զարմանազան»ին արձանագրութիւնները բաց ե՜ն։

2026-ի ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Ապոնտանս» գիւղին մէջ։

Զարմանազանը բաց է Սփիւռքի 10-էն 24 տարեկան բոլոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։

Տեղի կ՚ունենայ նաեւ Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը՝ Փարիզի Ինալքօ համալսարանին հետ համագործակցութեամբ։

Կեցութեան օրեր՝
  • 10-էն 17 տարեկան պատանիներ՝
    10 Յուլիս – 5 Օգոստոս 2026,
  • 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներ՝
    2 Յուլիս – 8 Օգոստոս 2026*
    (Տես՝ դիմումի հարցարանը),
  • Ուսուցիչներ՝
    10 Յուլիս – 5 Օգոստոս 2026։

 

 

Բոլոր դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ Փետրուար 22, 2026, Կրինիչի միջին ժամով՝ 23։00։

Եթէ կ՚ուզէք մասնակցիլ 2026-ի ծրագրին, հաճեցէ՛ք լրացնել ձեր խումբին յատուկ պատրաստուած հարցարանը՝ հետեւելով ստորեւ դրուած յղումին։ Կը յայտնենք, որ բոլոր դիմումները լրջօրէն կ՚ընդունուին։ Եթէ ձեր գաղափարը փոխէք կամ այլեւս չուզէք մասնակցիլ Զարմանազանին, մինչեւ Փետրուար 22, 2026 պէտք է ձեր դիմումը ջնջէք։

2017

2018

2019

2020

2021

2022

2023

2024

«Զարմանազան» ծրագիրը հիմնուած է 2016-ին՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (Փորթուկալ) կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման նախաձեռնութիւն մը։ Առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ 2017-ի ամրան Ֆրանսայի մէջ՝ «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ «ԻՆԱԼՔՕ» համալսարանին հետ համագործակցութեամբ։ Այդ թուականէն ի վեր, «Զարմանազան»ը ամէն տարի կը հրամցնէ ստեղծագործութեամբ, փոխանակումներով եւ բացայայտումներով լեցուն չորս շաբաթ՝ լեզուական ամբողջական իւրացումի միջավայրի մը մէջ։

Նոյնիսկ 2020-ի եւ 2021-ի ամառները, երբ համաճարակը արգիլեց ֆիզիքական հաւաքները, ծրագիրը չդադրեցաւ։ «Զարմանազան»ը վերածուեցաւ «Զարցանց»ի եւ ինքնատիպ հարթակի մը միջոցով միջազգային առօրեայ հանդիպումներու համար մշակուեցան բազմաթիւ առցանց աշխատանոցներ եւ հանդիպումներ, ուր տաքուկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ խաղերով, բացայայտումներով եւ ստեղծագործութիւններով։

Անցած 9 տարիներուն ընթացքին շուրջ 1000 հոգի քով քովի եկած են։ Առաջին տարիէն սկսեալ 10-էն 17 տարեկան պատանիներ, 2018-էն ի վեր 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներ, վերապատրաստութեան նպատակով մօտաւորապէս 90 ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ մանկավարժական, վարչական եւ կազմակերպչական անդամներ…։ Իւրաքանչիւր տարին առիթ ստեղծած է նոր կապեր հաստատելու եւ արեւմտահայերէնով միասնաբար յառաջանալու փափաքը ներշնչելու՝ յատկապէս տարուան ընթացքին կազմակերպուած առցանց հանդիպումներու ալ շնորհիւ։ 2026-ը պիտի ըլլայ «Զարմանազան»ի 10-րդ տարին՝ կրկին մէկտեղելով երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, վերապատրաստուող ուսուցիչները եւ մանկավարժական կազմը։

Zarmanazan 2024

Nor Haratch, 2023

Retour en enfance

Nor Haratch, 2022