Երիտասարդներ՝
18-24 տարեկան

Ֆրանսա

Յուլիս 11-էն մինչեւ Օգոստոս 6

Ժամկէտ՝ 15 Փետրուար 2024
Լեզուին մէջ լիովին սուզուելու հեռանկարով կը ստեղծենք մթնոլորտ մը, ուր արեւմտահայերէնը՝ խօսակցական կամ գրաւոր, բնականօրէն ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու միջոցը։

Երիտասարդները հրաւիրուած են Զարմանազանի կազմակերպչական գործունէութեան իրենց ներդրումը բերելու, անոր առօրեայ կեանքին մէջ գործօն դեր մը ստանձնելու եւ եթէ փափաքին՝ պատանիներուն ուղղուած աշխատանոցներէն ներս ուղեկիցներուն հետ գործակցելու։

Թատերական եւ ստեղծարար գրութեան աշխատանոց
Գրական աշխատանոց
Ընթերցումներ, վերլուծումներ, գրականութեան պատմութիւն...
Երաժշտութիւն
Previous slide
Next slide