Վայրը

Զարմանազանի 8-րդ ամառնային ճամբարը տեղի պիտի ունենայ «Sainte-Croix des Neiges» գիշերօթիկ վարժարանին օթեւանը, Ֆրանսայի Ապոնտանս (Abondance) գիւղաշրջանին մէջ։

Ապոնտանսի ձորը (Vallée de l’Abondance) կը գտնուի զուիցերիական Ալպեան լեռներու «Canton du Valais» նահանգէն միայն քանի մը քմ (կամ մղոն) եւ Ժընեւի օդակայանէն մօտաւորապէս 70 քմ (43,5 մղոն) հեռու, իսկ Լեմանի լիճին կից Թոնոն-լէ-Պէն եւ Էվիան-լէ-Պէն ֆրանսական քաղաքներէն՝ մօտ 30 քմ (18,6 մղոն)։

Վարժարանը մեր տրամադրութեան տակ կը դնէ իր բազմաթիւ սենեակները, սրահները, արդիական եւ արհեստավարժ չափանիշերով պատրաստուած խոհանոց մը, մեծ ճաշարան մը, ինչպէս նաեւ վարժարանին շէնքերը շրջապատող սեփական, փակ եւ հսկայական տարածքը։

Գործնական տեղեկութիւններ

Առցանց դիմումներու ժամկէտերը խստօրէն կը յարգուին։

Ուշացած դիմումները կարելի պիտի չըլլայ նկատի առնել։

Մասնակցութեան սակ՝

Սակին մէջ ընդգրկուած են՝

Սակին մէջ չեն ընդգրկուած

Կարեւոր հարցումներ

Անչափահաս մասնակիցներուն համար կը յանձնարարենք՝ աժան թռիչքի ընկերութիւն մը չընտրել։ Անոնք անչափահասներու համար մասնաւոր սպասարկութիւն չունին. եթէ հարց մը ծագի, չենք կրնար միջամտել։

Որոշ տարիքէ մը սկսեալ՝ այո՛, բայց օդանաւային ընկերութիւններն են որ կ՚որոշեն այդ տարիքը։
Զարմանազանի վերապատրաստութեան ծրագիրին մասնակցող ուսուցիչները երբեմն կրնան յանձն առնել ձեր զաւակին հետ ճամբորդելը։ Եթէ ոմանց համար կարելի ըլլայ այդ, ձեզի կապի մէջ կը դնենք։

Ըստ թռիչքներուն եւ անոնց հասնելու ժամերուն, Զարմանազանի անձնակազմը ներկայ պիտի ըլլայ Ժընեւի օդակայանը կամ կայարանը, դիմաւորելու համար մասնակիցները։ Այդ ժամերէն դուրս կարելիութիւն չունինք դէպի կեցութեան վայր տեղափոխութիւնը ապահովելու։
Եթէ օդանաւին մեկնումը կամ ժամանումը ուշանայ, բնականաբար մեր ընկերներն ալ կը մնան մասնակիցին հետ։

Զարմանազանը իր յատուկ ժամանակի հասկացողութիւնն ունի եւ օրերը կազմակերպուած են մանրակրկիտ կերպով։ Անկարելի է ուշացումով միանալ ծրագրին, կամ անոր վերջանալէն առաջ մեկնիլ։

Մասնակիցները երբ կեցութեան վայրը հասնին, իրենց բոլոր ելեկտրոնային գործիքները կը յանձնեն Զարմանազանի ղեկավարութեան։
Միշտ կարելի է հաղորդակցիլ նամակով կամ իմակով, եւ եթէ կը փափաքիք, թուականներ կ՚որոշուին մասնակիցին հետ հեռաձայնով խօսելու համար։

Միշտ կարելի է Զարմանազանի անձնակազմին հետ հաղորդակցիլ, թէ՛ իմակով եւ թէ հեռաձայնով (թիւը պիտի տրուի աւելի վերջ)։

Փէյփալով կամ դրամատնային փոխանցումով։ Դրամատան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։

Վճարումը կը կատարուի եւրոյով միայն։ Դրամատնային փոխանցումին կամ լումայափոխութեան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։

Այո՛, կարելի է առաւելագոյնը երեք անգամէն վճարել մասնակցութեան սակը։ Առաջին վճարումը կը հաստատէ ձեր մասնակցութիւնը. անոր ուշացումին պարագային ձեր տեղը չենք կրնար ապահովել։

Եթէ որոշէք ձեր արձանագրութիւնը ջնջել, 50 եւրօ նուազ պիտի հատուցուիք։

Առողջապահական պատճառներով, եւ դիւրազգացութիւն ունեցողները պաշտպանելու համար, Զարմանազանի ամբողջ ընթացքին խստօրէն արգիլուած է որեւէ ուտեստեղէն ներմուծել կեցութեան վայրը։

Զարմանազանը իր անձնակազմին մէջ ունի բժիշկ մը, որ առաջին միջամտողը կ՚ըլլայ եթէ մասնակիցը առողջապահական հարց մը ունենայ։
Միայն բժիշկը եւ Զարմանազանի ղեկավարութիւնը կրնան ծանօթանալ մասնակիցի բժշկական տուեալներուն։

Թէ՛ դիւրազգացութիւնները եւ թէ զանազան սննդականոնները (ինչպէս՝ բուսակերութիւն, եւայլն) նկատի կ՚առնուին Զարմանազանի ընթացքին։
Անհրաժեշտ է Զարմանազանը տեղեկացնել՝ մասնակիցին բժշկական բոլոր հանգամանքներուն մասին։

Կեցութիւնը կը սկսի՝ մասնակիցին օդակայանը կամ կայարանը դիմաւորուած պահուն։
Որպէսզի բոլոր մասնակիցները օգտուին նո՛յն պայմաններէն, չենք կրնար արտօնել որ ծնող մը կամ բարեկամ մը մասնակիցին ընկերակցի մինչեւ կեցութեան վայրը։

Հետը դրամ բերելը անհրաժեշտ չէ. բոլոր պտոյտները կը մատակարարուին Զարմանազանի կողմէ։ Կրնաք դո՛ւք որոշել գումարը. օրինակի համար 20 եւրոն բաւարար կ՚ըլլայ։
Գրպանի դրամը պէտք է ըլլայ եւրոյով։