Բարի եկած էք անդամներու բաժին։

Երեխաներ եւ Պատանիներ

(10-17 տարեկան)

Յուլիս 12 → Օգոստոս 7, 2021

Զարցանց 2.1-ին արձանագրուելու համար հաճեցէք ամբողջացնել վարի հարցարանը։

Ըստ իրենց տարիքին, պատանիները պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու, ինչպէս՝ երաժշտական, թատերական եւ մարմնային արտայայտութեան, կերպարուեստի եւ ձեռային աշխատանքներու, տեսալսողական ստեղծագործութիւններու, ստեղծագործական գրութեան եւ գրականութեան ընթերցումի, աշխարհի յայտնաբերման (բնական գիտութիւններ, աշխարհագրութիւն…), խաղերու, խոհարարութեան. մասնագէտ ուղեկիցներու կողմէ պիտի առաջարկուին նաեւ մարզական խաղեր։ Մասնակիցներու նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան մեր մօտեցումի սահմանումին մէջ։

Իւրաքանչիւր մասնակից դերակատարներէն մէկն է ծրագրին, եւ արձանագրուած բոլոր աշխատանոցներուն մասնակցելով, պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ՝ ինքն իրեն, նաեւ միւս մասնակիցներուն հանդէպ։

Նկատի կ՚առնենք զանազան վայրերու միջեւ գոյութիւն ունեցող ժամի տարբերութիւնները։ Իւրաքանչիւր պատանի պիտի կարենայ մասնակցիլ ամեն տեսակ աշխատանոցի, ըստ իրեն յարմար ժամերուն։

Որոշ աշխատանոցներ առիթ պիտի տան միջ-տարիքային փոխյարաբերութիւններ հաստատելու։

Լեզուին մէջ կատարելապէս թաթխուելու հեռանկարով, Արեւմտահայերէնը՝ խօսակցական եւ կամ գրաւոր, պիտի ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։

Զարցանց 2.1-ը բաց է հայկական սփիւռքի բոլոր պատանիներուն։

Արձանագրութիւնները փակուած են։