Ի՞նչ է Զարմանազանը
Արեւմտահայերէնի ամառնային խտացեալ ծրագիր մը, որ հնարաւորութիւնը կ՚ընծայէ իսկապէս սուզուելու լեզուին մէջ։
Տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռնային շրջանին մէջ։
Յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն է հայերէնը։ Բաց է Սփիւռքի բոլոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։
Պատկերներ Զարմանազան 2022-էն
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի «Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկ»ին համագործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ։
Ի՞նչ կ՚ըսեն մեր մասին
- 2022. Նոր Յառաջ. «Զարմանազան»-ը Ալպեան լեռներուն մէջ
- 2021. NH Hebdo. Zarmanazan, un monde lointain et proche (ֆրանսերէն)
- 2021. NH Hebdo. Rencontres dans les dédales de « Zartsants » (ֆրանսերէն)
- 2021. Նոր Յառաջ. Հանդիպումներ Զարցանցի բաւիղներուն մէջ (հայերէն)
- 2021. Ազդակ. Զարմանազան 2021 (հայերէն)
- 2021. Արեւելք. Զարմանազանէն՝ Զարցանց (հայերէն)
- 2018. Ազատ Օր. «Զարմանազան» (հայերէն)
- 2018. Հայրենիք. Նուիրատուութիւն Մը «Զարմանազան» Արեւմտահայերէնի Ճամբարին (հայերէն)
