Բարի եկած էք անդամներու բաժին։

Քովիտի քաղաքականութիւն

Կ՚ուզենք նախ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, ձեր ցուցաբերած վստահութեան համար։

Այսուհանդերձ՝ Քովիտի այժմեան զարգացումները եւ մօտ ապագային վերաբերեալ անորոշութիւնը կը ստիպեն մեզ որ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրենք համաճարակին պատճառած դժուարութիւններուն վրայ։
 
Զարմանազան 2022 Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Այդ պատճառով ճամբարին կազմակերպութիւնը պիտի հետեւի  Քովիտի համաճարակին հետ առնչութեամբ Ֆրանսայի առողջապահական պարտադիր կանոններուն. զգուշաւոր շարժուձեւեր, մաքրութիւն, բժշկական հսկողութիւն եւ այլ կանոններ որոնք մանրամասն յայտարարուած են։
 
Այսօր Ֆրանսայի մէջ՝ երիտասարդներու կամ խումբերու ընդունելութեամբ զբաղող անձերը եւ հաստատութիւնները այդ կանոնները կը յարգեն ու կը կիրարկեն մանրակրկիտ կերպով։
 
Մեր աշխատակազմը (իր կազմակերպիչ, պատասխանատու եւ ուղեկից անդամներով)  շատ մօտէն պիտի հետեւի իւրաքանչիւր մասնակիցի առողջութեան։
 
Առաւել եւս՝ պատասխանատու մարմնին մէջ միշտ բժիշկի մը ներկայութիւնը  պիտի վայելենք կեցութեան տեւողութեան։ 
 
Վարակումի պարագային, անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի առնուին, ներառեալ հիւանդանոց փոխադրելը։ Անշուշտ ձեզ տեղեակ կը պահենք անյապաղ եւ ի պահանջել հարկին՝ ճամբարին մէջ պաշտպանութեան միջոցները կ՚ուժեղացնենք, որեւէ վարակումի առաջքը առնելու համար։ 
 
Ինչ կը վերաբերի մասնակիցներու պատուաստներուն։ Ինչպէս գիտէք, երկրէ երկիր կանոնները կը տարբերին, նաեւ՝ տրամադրելի պատուաստները։ Մենք պիտի հետեւինք Ֆրանսայի մէջ ի զօրու կանոններուն։ Եւ քանի որ կանոնները տեւական փոփոխութեան կ՚ենթարկուին, ամէն քայլափոխի ձեզ տեղեակ պիտի պահենք։
 
Ինչ կը վերաբերի մասնակիցներու ճամբորդութեան։ Ֆրանսան այսօր ճամբորդներու ապրած երկրին եւ տարիքին համաձայն  պայմաններ կը պահանջէ իր սահմաններէն ներս ճամբորդել ուզողներէն։ Ձեզ կը հրաւիրենք ուրեմն ձե՛ր երկրին հետ առնչուած պայմաններուն տեղեկանալու, վստահ ըլլալու համար որ ձեզի համար արգելք մը չկայ որ խոչընդոտէր Ֆրանսա գալու ծրագիրը։ Մենք ալ մեր կողմէն ձեզ տեղեակ կը պահենք, որպէսզի կարենաք անհրաժեշտ դիմումները կատարել։
 
Զարմանազան գալու ձեր փափաքը կը պահանջէ ուրեմն ձեր կողմէ պատուաստներու եւ ճամբորդութեան վերաբերեալտեղական կանոնները ընդունելու եւ յարգելու յստակ յանձնառութիւն մը։
 
Երբ ժամանակը գայ, վստահաբար պիտի խնդրենք որ ներկայացնէք անհրաժեշտ փաստաթուղթերը։  Միշտ պատրաստ ենք ձեր հարցումները լսելու եւ անոնց պատասխաններ բերելու։