Գործնական տեղեկութիւններ
Մասնակցութեան սակ՝
- Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա՝ 900€
- Միջին Արեւելք՝ 800€
- Այլ վայրեր՝ կապ հաստատել մեզի հետ
Սակին մէջ ընդգրկուած են՝
- Կեցութեան վարձքը,
- Ճամբարին աշխատանքներուն եւ ծրագրի գործադրութեան բոլոր ծախսերը,
- Խմբային փոխադրութիւն հանրակառքով՝ Ժընեւի օդակայանէն մինչեւ ճամբարի վայրը եւ վերադարձը,
- Տեղւոյն վրայ փոխադրութիւն՝ ծրագրի գործադրութեան եւ շրջապտոյտներու համար,
- Բոլոր շրջապտոյտները եւ աշխատանոցները,
- Ամբողջական ապահովագրութիւն՝ արկածներու եւ վնասներու։
Սակին մէջ չեն ընդգրկուած
- Փոխադրութեան ծախսերը դէպի Ժընեւ եւ Ժընեւէն,
- Օդանաւ կամ գնացքի տոմսակներու ապահովագրութիւն։ Եթէ մասնակիցը ստիպուած ըլլայ ջնջել ճամբորդութիւնը, կը պարտադրուի ստանձնելու երթեւեկի ծախսը ամբողջութեամբ։ Ուրեմն, խիստ յանձնարարելի է, որ մասնակիցները նախատեսեն նաեւ ջնջնումի, ինչպէս նաեւ ճամպրուկի կորուստի կամ գողութեան ապահովագրութիւն,
- Ոչ-չափահաս պատանիներուն ընկերակցելու սպասարկութիւնը, համաձայն ճամբորդատար ընկերութեան ծառայութեան,
- Արտօնագրի ծախսերը (վիզա),
- Հաւանական յաւելեալ ճամբորդական ծախսեր, եթէ տոմսերը առնուին տուեալ ժամկէտէն ետք,
- Առողջութեան ապահովագրութիւն (ներառեալ՝ տունդարձը)։
Կարեւոր հարցումներ
Անչափահաս մասնակիցներուն համար կը յանձնարարենք՝ աժան թռիչքի ընկերութիւն մը չընտրել։ Անոնք անչափահասներու համար մասնաւոր սպասարկութիւն չունին. եթէ հարց մը ծագի, չենք կրնար միջամտել։
Որոշ տարիքէ մը սկսեալ՝ այո՛, բայց օդանաւային ընկերութիւններն են որ կ՚որոշեն այդ տարիքը։
Զարմանազանի վերապատրաստութեան ծրագիրին մասնակցող ուսուցիչները երբեմն կրնան յանձն առնել ձեր զաւակին հետ ճամբորդելը։ Եթէ ոմանց համար կարելի ըլլայ այդ, ձեզի կապի մէջ կը դնենք։
Ըստ թռիչքներուն եւ անոնց հասնելու ժամերուն, Զարմանազանի անձնակազմը ներկայ պիտի ըլլայ Ժընեւի օդակայանը կամ կայարանը, դիմաւորելու համար մասնակիցները։ Այդ ժամերէն դուրս կարելիութիւն չունինք դէպի կեցութեան վայր տեղափոխութիւնը ապահովելու։
Եթէ օդանաւին մեկնումը կամ ժամանումը ուշանայ, բնականաբար մեր ընկերներն ալ կը մնան մասնակիցին հետ։
Զարմանազանը իր յատուկ ժամանակի հասկացողութիւնն ունի եւ օրերը կազմակերպուած են մանրակրկիտ կերպով։ Անկարելի է ուշացումով միանալ ծրագրին, կամ անոր վերջանալէն առաջ մեկնիլ։
Մասնակիցները երբ կեցութեան վայրը հասնին, իրենց բոլոր ելեկտրոնային գործիքները կը յանձնեն Զարմանազանի ղեկավարութեան։
Միշտ կարելի է հաղորդակցիլ նամակով կամ ելգիրով, եւ եթէ կը փափաքիք, թուականներ կ՚որոշուին մասնակիցին հետ հեռաձայնով խօսելու համար։
Միշտ կարելի է Զարմանազանի անձնակազմին հետ հաղորդակցիլ, թէ՛ ելգիրով եւ թէ հեռաձայնով (թիւը պիտի տրուի աւելի վերջ)։
Փէյփալով կամ դրամատնային փոխանցումով։ Դրամատան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։
Վճարումը կը կատարուի եւրոյով միայն։ Դրամատնային փոխանցումին կամ լումայափոխութեան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։
Այո՛, կարելի է առաւելագոյնը երեք անգամէն վճարել մասնակցութեան սակը։ Առաջին վճարումը կը հաստատէ ձեր մասնակցութիւնը. անոր ուշացումին պարագային ձեր տեղը չենք կրնար ապահովել։
Եթէ որոշէք ձեր արձանագրութիւնը ջնջել, 50 եւրոյ նուազ պիտի հատուցուիք։
Առողջապահական պատճառներով, եւ դիւրազգացութիւն ունեցողները պաշտպանելու համար, Զարմանազանի ամբողջ ընթացքին խստօրէն արգիլուած է որեւէ ուտեստեղէն ներմուծել կեցութեան վայրը։
Զարմանազանը իր անձնակազմին մէջ ունի բժիշկ մը, որ առաջին միջամտողը կ՚ըլլայ եթէ մասնակիցը առողջապահական հարց մը ունենայ։
Միայն բժիշկը եւ Զարմանազանի ղեկավարութիւնը կրնան ծանօթանալ մասնակիցի բժշկական տուեալներուն։
Թէ՛ դիւրազգացութիւնները եւ թէ զանազան սննդականոնները (ինչպէ՝ բուսակերութիւն, եւայլն) նկատի կ՚առնուին Զարմանազանի ընթացքին։
Անհրաժեշտ է Զարմանազանը տեղեկացնել՝ մասնակիցին բժշկական բոլոր հանգամանքներուն մասին։
Կեցութիւնը կը սկսի՝ մասնակիցին օդակայանը կամ կայարանը դիմաւորուած պահուն։
Որպէսզի բոլոր մասնակիցները օգտուին նո՛յն պայմաններէն, չենք կրնար արտօնել որ ծնող մը կամ բարեկամ մը մասնակիցին ընկերակցի մինչեւ կեցութեան վայրը։
Հետը դրամ բերելը անհրաժեշտ չէ. բոլոր պտոյտները կը մատակարարուին Զարմանազանի կողմէ։ Կրնաք դո՛ւք որոշել գումարը. օրինակի համար 20 եւրոն բաւարար կ՚ըլլայ։
Գրպանի դրամը պէտք է ըլլայ եւրոյով։
