Երիտասարդներ
(18-24 տարեկան)
Յուլիս 8 → Օգոստոս 7, 2023
Լեզուին մէջ կատարելապէս թաթխուելու հեռանկարով՝ արեւմտահայերէնը, խօսակցական կամ գրաւոր, պիտի ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։
Երիտասարդ չափահասները պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու, ինչպէս՝
- զրոյցներու եւ բանավէճերու,
- ստեղծագործական գրութեան եւ գրականութեան ընթերցումի,
- տեսալսողական ստեղծագործութիւններու,
- աշխարհի յայտնաբերման գիտական աշխատանքներու,
- թատերական եւ մարմնային արտայայտութեան,
- երաժշտական,
- կերպարուեստի եւ ձեռային աշխատանքներու,
- եւ շատ աւելին...։
Իւրաքանչիւր մասնակից դերակատարներէն մէկն է ծրագրին, եւ արձանագրուած բոլոր աշխատանոցներուն մասնակցելով, պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ՝ ինքն իրեն, նաեւ միւս մասնակիցներուն հանդէպ։
Կը հրաւիրուին աշխատանոցի առաջարկներ բերելու, որոնց պիտի ընկերակցին մասնագէտ ուղեկիցներ։
Մասնակիցներու նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան մեր մօտեցումի սահմանումին մէջ։
Որոշ աշխատանոցներ առիթ պիտի տան միջ-տարիքային փոխյարաբերութիւններ հաստատելու։