Բարի եկած էք անդամներու բաժին։

Պատանիներ՝

(10-17 տարեկան)

11 Յուլիս → 6 Օգոստոս, 2023

Լեզուին մէջ կատարելապէս թաթխուելու հեռանկարով՝ արեւմտահայերէնը, խօսակցական կամ գրաւոր, պիտի ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։

Ըստ իրենց տարիքին, պատանիները պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու, ինչպէս՝

Իւրաքանչիւր մասնակից դերակատարներէն մէկն է ծրագրին եւ արձանագրուած բոլոր աշխատանոցներուն մասնակցելով՝ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ ինքն իրեն, նաեւ միւս մասնակիցներուն հանդէպ։

Մասնակիցներու նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան մեր մօտեցումի սահմանումին մէջ։

Որոշ աշխատանոցներ առիթ պիտի տան միջ-տարիքային փոխյարաբերութիւններ հաստատելու։