«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ։
