Բարի եկած էք անդամներու բաժին։

Երիտասարդներ

(18-24տարեկան)

Յուլիս 9 → Օգոստոս 8, 2021

Զարցանց 2.1-ին արձանագրուելու համար հաճեցէք ամբողջացնել վարի հարցարանը։

Երիտասարդ չափահասները պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու, ինչպէս երաժշտական, թատերական եւ մարմնային արտայայտութեան, կերպարուեստի եւ ձեռային աշխատանքներու, տեսալսողական ստեղծագործութիւններու, ստեղծագործական գրութեան եւ գրականութեան ընթերցումի, զրոյցներու եւ բանավէճերու, աշխարհի յայտնաբերման գիտական աշխատանքներու։ Յատկապէս կը հրաւիրուին աշխատանոցի առաջարկներ բերելու, որոնց պիտի ընկերակցին մասնագէտ ուղեկիցներ։ Իւրաքանչիւր մասնակից կեցութեան շրջանի դերակատարներէն մէկն է, եւ արձանագրուած բոլոր աշխատանոցներուն մասնակցելով, պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ՝ ինքն իրեն, նաեւ միւսմասնակիցներուն հանդէպ։

Նկատի կ՚առնենք զանազան վայրերու միջեւ գոյութիւն ունեցող ժամի տարբերութիւնները։ Իւրաքանչիւր երիտասարդ պիտի կարենայ մասնակցիլ ամեն տեսակ աշխատանոցի, ըստ իրեն յարմար ժամերուն։

Որոշ աշխատանոցներ առիթ պիտի տան միջ-տարիքային փոխյարաբերութիւններ հաստատելու։

Լեզուին մէջ կատարելապէս թաթխուելու հեռանկարով, Արեւմտահայերէնը՝ խօսակցական եւ կամ գրաւոր, պիտի ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։

Զարցանց 2.1-ը բաց է հայկական սփիւռքի բոլոր երիտասարդ չափահասիերուն։

Արձանագրութիւնները փակուած են։