Միացեալ Նահանգներ
Վայրը
Միացեալ Նահանգներու առաջին Զարմանազանը տեղի պիտի ունենայ «ՔԷՄՓ ԱՐԵՒ» (CAMP AREV) օթեւանը, Քալիֆորնիայի Frazier եւ Pinon Pines անտառուտ շրջաններուն մէջ:
«ՔԷՄՓ ԱՐԵՒ»-ը կը գտնուի նշանաւոր Փիրամիտ եւ Քասթէիք Լիճերուն մօտակայքը, Լոս Անճելըսէն մօտաւորապէս 70 մղոն հեռու:
Վայրը կ՚ընծայէ բազնաթիւ հնարաւորութիւններ. կեցութեան հանգստաւէտ պայմաններ եւ առօրեայ զբաղումներուն համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները։ Ասոնց շնորհիւ, պատանիները առիթը պիտի ունենան գողտրիկ մթնոլորտի մէջ՝ հայերէնով իրենց աշխարհը ստեղծելու։
Գործնական տեղեկութիւններ
Առցանց դիմումներու ժամկէտերը խստօրէն կը յարգուին։
Ուշացած դիմումները կարելի պիտի չըլլայ նկատի առնել։
Մասնակցութեան սակ՝
- Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա՝ $2,000
- Միջին Արեւելք՝ $1,000
- Այլ վայրեր՝ կապ հաստատել մեզի հետ
Սակին մէջ ընդգրկուած են՝
- Կեցութեան եւ ծրագրի գործադրութեան ծախսերը։
- Լուացքի ծախսերը։
- Լոս Անճելըսէն մինչեւ ճամբարի վայրը հանրակառքի ծախսերը։
- Բոլոր շրջապտոյտներուն եւ աշխատանոցներուն ծախսերը։
- Ամբողջական ապահովագրութեան՝ արկածներու եւ վնասներու ծախսերը ։
Սակին մէջ չեն ընդգրկուած
- Ճամբորդութեան տոմսակներու ապահովագրութեան ծախսերը (եթէ կան) Ճամբորդութիւնը ջնջելու պարագային, մասնակիցը պարտաւոր է այլ ծախսերը ամբողջութեամբ ստանձնելու։ Հետեւաբար, խիստ յանձնարարելի է, որ մասնակիցները ապահովագրուին նաեւ ջնջումի, ինչպէս ճամպրուկի կորուստի եւ գողութեան դէմ։
- Անչափահաս պատանիներուն ընկերակցելու սպասարկութեան ծախսերը, եթէ օդանաւով պիտի գան:
- Ի պահանջեալ հարկին ճամբորդական արտօնագրի (վիզայի) ծախսերը։
- Առողջութեան անհատական ապահովագրութեան ծախսերը, ներառեալ՝ վերադարձէն յետոյ կատարուելիք ծախսերը (ՊԱՐՏԱԴԻՐ)։
- Անհատական եւ անձնական պատասխանատուութեան ապահովագրութեան ծախսերը (ՊԱՐՏԱԴԻՐ)։
- Գրպանի դրամ (այս մէկը ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՉԷ՛)
- Դրամատան եւ Paypal-ի փոխանցումներուն հետ կապուած ծախսերը։
Կարեւոր հարցումներ
Անչափահաս մասնակիցներուն համար կը յանձնարարենք՝ աժան թռիչքի ընկերութիւն մը չընտրել։ Անոնք անչափահասներու համար մասնաւոր սպասարկութիւն չունին. եթէ հարց մը ծագի, չենք կրնար միջամտել։
Որոշ տարիքէ մը սկսեալ՝ այո՛, բայց օդանաւային ընկերութիւններն են որ կ՚որոշեն այդ տարիքը։
Զարմանազանի վերապատրաստութեան ծրագիրին մասնակցող ուսուցիչները երբեմն կրնան յանձն առնել ձեր զաւակին հետ ճամբորդելը։ Եթէ ոմանց համար կարելի ըլլայ այդ, ձեզի կապի մէջ կը դնենք։
Ըստ թռիչքներուն եւ անոնց հասնելու ժամերուն, Զարմանազանի անձնակազմը ներկայ պիտի ըլլայ LAX օդակայանը, դիմաւորելու համար մասնակիցները։ Այդ ժամերէն դուրս կարելիութիւն չունինք դէպի կեցութեան վայր տեղափոխութիւնը ապահովելու։
Եթէ օդանաւին մեկնումը կամ ժամանումը ուշանայ, բնականաբար մեր ընկերներն ալ կը մնան մասնակիցին հետ։
Զարմանազանը իր յատուկ ժամանակի հասկացողութիւնն ունի եւ օրերը կազմակերպուած են մանրակրկիտ կերպով։ Անկարելի է ուշացումով միանալ ծրագրին, կամ անոր վերջանալէն առաջ մեկնիլ։
Մասնակիցները երբ կեցութեան վայրը հասնին, իրենց բոլոր ելեկտրոնային գործիքները կը յանձնեն Զարմանազանի ղեկավարութեան։
Միշտ կարելի է հաղորդակցիլ նամակով կամ իմակով, եւ եթէ կը փափաքիք, թուականներ կ՚որոշուին մասնակիցին հետ հեռաձայնով խօսելու համար։
Միշտ կարելի է Զարմանազանի անձնակազմին հետ հաղորդակցիլ, թէ՛ իմակով եւ թէ հեռաձայնով (թիւը պիտի տրուի աւելի վերջ)։
Փէյփալով կամ դրամատնային փոխանցումով։ Դրամատան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։
Վճարումը կը կատարուի ամերիկեան տոլարով միայն։ Դրամատնային փոխանցումին կամ լումայափոխութեան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։
Այո՛, կարելի է առաւելագոյնը երեք անգամէն վճարել մասնակցութեան սակը։ Առաջին վճարումը կը հաստատէ ձեր մասնակցութիւնը. անոր ուշացումին պարագային ձեր տեղը չենք կրնար ապահովել։
Եթէ որոշէք ձեր արձանագրութիւնը ջնջել, 50 ամերիկեան տոլար նուազ պիտի հատուցուիք։
Առողջապահական պատճառներով, եւ դիւրազգացութիւն ունեցողները պաշտպանելու համար, Զարմանազանի ամբողջ ընթացքին խստօրէն արգիլուած է որեւէ ուտեստեղէն ներմուծել կեցութեան վայրը։
Զարմանազանը իր անձնակազմին մէջ ունի բժիշկ մը, որ առաջին միջամտողը կ՚ըլլայ եթէ մասնակիցը առողջապահական հարց մը ունենայ։
Միայն բժիշկը եւ Զարմանազանի ղեկավարութիւնը կրնան ծանօթանալ մասնակիցի բժշկական տուեալներուն։
Թէ՛ դիւրազգացութիւնները եւ թէ զանազան սննդականոնները (ինչպէ՝ բուսակերութիւն, եւայլն) նկատի կ՚առնուին Զարմանազանի ընթացքին։
Անհրաժեշտ է Զարմանազանը տեղեկացնել՝ մասնակիցին բժշկական բոլոր հանգամանքներուն մասին։
Կեցութիւնը կը սկսի՝ մասնակիցին հաւաքավայրը, օդակայանը կամ կայարանը դիմաւորուած պահուն։
Որպէսզի բոլոր մասնակիցները օգտուին նո՛յն պայմաններէն, չենք կրնար արտօնել որ ծնող մը կամ բարեկամ մը մասնակիցին ընկերակցի մինչեւ կեցութեան վայրը։
Հետը դրամ բերելը անհրաժեշտ չէ. բոլոր պտոյտները կը մատակարարուին Զարմանազանի կողմէ։ Կրնաք դո՛ւք որոշել գումարը. օրինակի համար 50 ամերիկեան տոլարը բաւարար կ՚ըլլայ։
Գրպանի դրամը պէտք է ըլլայ տոլարով։