Մասնակիցները քաջալերուած են նախաձեռնող եւ ինքնավար ըլլալու, միասին ապրելու եւ ստեղծելու ու իրենց կարողութիւնները զարգացնելու։
Զարմանազանի մանկավարժական խմբակին մասնագիտութիւնն է լեզուներու իւրացումը խաղով ու ստեղծարար եղանակներով։ Ուղեկիցները իրենց հմտութիւնները կը կիրարկեն գեղարուեստական, մշակութային, մարզական կամ մանկավարժական մարզերէն ներս։
Զարմանազանը չսկսած իսկ՝ բոլոր դերակատարները համախմբող առցանց հանդիպումներ կը կազմակերպուին, որոնց ընթացքին մասնակիցները խումբ խումբ խաղերու կը մասնակցին, իրարու կը ծանօթանան, անձամբ հանդիպելէ առաջ։
Աշխատանոցներուն մէկ մասը նախատեսուած է տարիքի համաձայն կազմուած խումբերու համար։
Կան նաեւ բազմատարիքային աշխատանոցներ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը՝ միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։
Լեզուին մէջ կատարելապէս սուզուելու հեռանկարով՝ կը ստեղծենք մթնոլորտ մը, ուր արեւմտահայերէնը, խօսակցական կամ գրաւոր, ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։ Աշխատանոցներէն ներս լեզուն ներկայ է իր բոլոր երանգներով։
Երիտասարդները հրաւիրուած են Զարմանազանի կազմակերպչական գործունէութեան իրենց ներդրումը բերելու, անոր առօրեայ կեանքին մէջ գործօն դեր մը ստանձնելու եւ եթէ փափաքին՝ պատանիներուն ուղղուած աշխատանոցներէն ներս ուղեկիցներուն հետ գործակցելու։
Այցելել ծրագրին կայքէջը։
Այս ծրագիրը նախատեսուած է արեւմտահայերէնի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն համար, որոնք կը դասաւանդեն Սփիւռքի հայկական վարժարաններու մէջ (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա, եւ Աւստրալիա):
Նախագիծին հիմնական նպատակն է բարելաւել սփիւռքի հայոց լեզուի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն մասնագիտական կրթութիւնը, զանոնք իրազեկ դարձնելով կրթութեան ժամանակակից մէթոտներուն եւ նրբութիւններուն եւ մղելով մանկավարժական փորձատիպերու քննական վերատեսութեան: